Գալուստ Նոր Աշխարհ
Դատարկ կօշիկներու նման
Բառեր
Կոյրի շարժուձեւեր
Հայելիի դէմ
Աշխարհ կը դողայ
Որբի քու ողբէդ, յստակ կը տեսնեմ
Կոտրած բաժակի մը մէջէն
Դուրսը հողը ամուլ է
Մատներդ կը բորեն մատաղ արմատներու շիրիմները

Կը խեղդուին մղձաւանջի քրտինքէն
Վաղը քաղաքը կը սայթաքի
Բնակչութեամբ
Եւ օրէնքով
Դալար դէմքին ընդմէջէն նիհար ստուերը
Ձմեռին
Ապառնին մղուած ամէն մէկ քայլին
Կը տեսնեմ քեզ ծերուկ
Անտեսանելի շունչով
Կը փակես մութը
Պահուած գանձի նման
Մերկ
Բոպիկ ոտք կը դնես Նոր Աշխարհ.
James C. Baloian (valle de San Joaquín en Fresno, California 1945). Poeta de origen armenio.