Vahe Vahian ( Վահէ-Վահեան )

Մեկնում

Հոգիս ծըփուն ծով մ՛է այսօր կապուտաչուի,
Ուր կը նաւէ լոյսէ կարապն երանութեան.
Հոգիս կապոյտ հով մ՛է այսօր, որ կը բացուի
Կեանքի կանաչ դաշտին վըրայ բազմաբուրեան։

Միտքս է խորան մ՛որուն լոյսին կ՛իջնէ այցի
Անհետախոյզ խորհուրդներուն քո՜ւրմը խոհուն.
Անտառ մը հոծ, ըստուերամած, ուր կը յածի
Ոգին՝ պայծառ ու չերգըւած նըւագներուն։

Կ՛աճիմ այսօր, կը բազմանամ, կը տարածուի՝մ
Մահկանացու իմ ձեւերուս ցանցէն անդին,
Կ՛ըլլամ երկինք մը բուրումի եւ արեւի,
Ուր հաշտութեան երփնալոյեր կը բողբոջին։

Կը զարնուիհոգւոյս թեւին անապաւէն՝ 
Շե՛րտ մը բոսոր, շունչ մ՛Հոգիէն անեզրական,
Նե՛տ մը կարծես, մէկնած կապոյտ անհուններէն,
Ու կը թռչի, հոգիիս հէտ, անհունութեան։


Vahe Vahian, nacido como Sarkis Abdalian (Giurin–Vahian, 1908 - Beirut, 1998). Poeta, traductor, periodista y editor.